Կիրակի, 30 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց դոկտ. Հուտա Սէլլում, ընկերակցութեամբ դոկտ. Զահրըտտին Սալէհի: Լիբանանի շիիթ համայնքէն դոկտ. ՍԷլլում վերջերս դոկտորայի աստիճան ստացաւ եւ այդ առիթով պատրաստեց «Հայ-թրքական Ինքնութեան Հարցը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» նիւթով աւարտաճառ մը:
Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց դոկտ. Սէլլումին եւ ընդառաջելով անոր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ դոկտ. Սալէհի փափաքին՝ համաձայն գտնուեցաւ, որ յարմար առիթով մը աւարտաճառը հրատարակուի կաթողիկոսարանին կողմէ: