
«Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր, դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 Յունիս 2022:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
«Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.: Դատակազմի անդամներն են՝ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ Իրմա Տէտէեան:
Գործերը կարելի է ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝ Armenian Catholicosate of Cilicia,
P.O. Box 70317, Antelias – Lebanon, ե-նամակ՝ chancellor@armenianorthodoxchurch.org։