ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Նեչիրվան Պարզանին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին։