
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2019-2021ի ընթացքին հայագիտական նիւթերով լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները, որոնք ընտրուած են խորհրդաժողովներու ընթացքին ներկայացուած համալսարանական ուսանողներու աշխատասիրութիւններէն։
Ընկերակցութիւնը լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները ընտրած է՝ Ճենիֆըր Մանուկեանի եւ Նաթալի Քամաճեանի ուսումնասիրութիւնները։
Ճենիֆըր Մանուկեան հայագիտութեան մէջ մասնագիտացող դոկտորական ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքին մէջ, իսկ անոր ուսումնասիրութիւնը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան գիւղերուն մէջ ապրող հայութեան։ Անոր խորագիրն է՝ “The “Discovery” of the Rural Ottoman Armenian: Ethnography, Linguistic Legitimacy and the Making of a Modern Literary Language”։
Նաթալի Քամաճեան դոկտորական ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Համաշխարհային արուեստներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքին մէջ, իսկ անոր ուսումնասիրութիւնը կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանի բեմական պարերուն վրայ պարտադրուած խորհրդային սահմանափակումներուն։ Անոր խորագիրն է՝ “Performing Paradox: Balleticized Bodies and Soviet Cultural Hegemony in Armenia Stage Dance”։
Երկու մրցանակակիրները պիտի ստանան 500ական տոլար։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ անոր անդամակցելու կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: