
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումին նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրութեան եւ արուեստի մրցումները, որոնց կրնան մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ բոլոր վարժարաններու 9էն 12րդ դասարաններու աշակերտները:
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի՝ իբրեւ դիմում Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանին տնօրէնութեան, յայտնի ամերիկահայու մը մասին տեղեկութիւնները թանգարանին մէջ ցուցադրել համոզելու նպատակով։
Արուեստի այս տարուան մրցումին նիւթը՝ «Միջմարդկային յարաբերութիւններ»ն է:
Շարադրութիւնները կամ արուեստի ստեղծագործութիւնները պէտք է Հայկական օրէնսդրական համախմբումին յղուին մինչեւ 8 Ապրիլ՝ կայքէջին միջոցաւ: Այդ կայքէջին վրայ կան նաեւ մասնակցութեան բոլոր պայմանները։
Մրցումներուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին 15 Ապրիլին։
Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլար: