ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնական «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճի անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան եւ Արցախի հիմնահարցին։
Յիշեցնելով «Շուշիի հռչակագիր»ը՝ ան ըսաւ. «Հռչակագիրը նպատակ ունի աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները, ինչ որ շատ ճիշդ է։ Մենք, իբրեւ «Մեծ միութիւն» կուսակցութիւն, բոլորովին կ՛աջակցինք անոր»։
Տեսթիճի յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը կը սատարէ Ատրպէյճանի հետ ձեռնարկուող բոլոր քայլերուն, իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով ան ըսաւ հետեւեալը․ «Մենք կ՛ուզենք, որ կասեցուին Հայաստանի հետ կարգաւորման փորձերը այնքան ատեն, որ այդ երկիրը Ղարաբաղի գրաւուած բոլոր տարածքներէն դուրս չէ եկած եւ չէ հրաժարած Թուրքիոյ ուղղուած Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներէն»։ Ըստ թուրք կուսակցապետին՝ եթէ Հայաստան իսկապէս կ՛ուզէ կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ պէտք է առնէ երկու կարեւոր քայլեր։ «Առաջին՝ հրաժարիլ Ղարաբաղի բռնագրաւած ամբողջ տարածքներէն։ Եւ երկրորդ՝ հրաժարի այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներէն։ Առանց անոնցմէ հրաժարելու կարգաւորման գործընթացը պիտի չըլլայ երկարաժամկէտ: Պիտի գայ Ապրիլ 24ը, դարձեալ յայտարարութիւն պիտի ընեն եւ իբրեւ արդիւնք գործընթացը նորէն պիտի դադրի։ Առ այդ, ի սկզբանէ պէտք է նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկել»։
As expected, “without condition or agenda” started meeting, turned
CONDITIONAL:total give up of Karabagh “occupied” Stepanagert
SECTION, NEXT THEY WILL ASK GENOCIDE DENIAL, NEXT SUNIK
PROVINCE RETURN, NEXT YEREVAN AS GENUINE TURKISH
TOWN (KING ARKISHTY 2800 YEARS AGO WAS TURK OGHLU TURK),
AFTER THEY WILL GENOCIDE ALL, AND LENIN/MUSTAFA KEMAL
MOSCOW TREATY WILL BE FINALIZED, WITH COMPLETE APPROVAL
OF 1-2-3-4 NOTORIOUS PRESIDENTS AND P.M.: A HIGHLY SATISFIED
GROUP, ACHIEVING ARMENIA DESTRUCTION PLAN AS ORDERED.
IN CASE PASHINIAN DOES NOT >CANCEL< THIS PROCEDURE, WILL
BE, "WHEN THE TIME IS CORRECT", FACE WITH ALL TRAITOR,
GANGSTER, ACCESSORY GROUPS, POPULAR BIBLICAL PUNISHMENT,
*BY THROWING STONES* UNTIL DEATH.