ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի օր այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Էրտողանի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուքրանիոյ տագնապը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը եւ համաշխարհային յառաջատար դերակատարները սաստիկ ճնշում կը բանեցնեն Ռուսիոյ վրայ։ Էրտողան Քիեւէն զսպուածութեան կոչ ըրաւ թէ՛ Մոսկուային եւ թէ Քիեւին։
Անգարա վերջերս կը ջանայ ստանձնել Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ միջնորդի դերը, առաջարկ մը, որուն համաձայն գտնուեցաւ Զելենսքի։
Զելենսքի նաեւ ողջունեց թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքեր Ուքրանիոյ մէջ արդարելու համաձայնութեան կնքումը, իրողութիւն մը, որ կրնայ աւելիով նեղացնել Մոսկուան։
Քիեւի մէջ Էրտողան դարձեալ զօրակցութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «Թուրքիա չի ճանչնար Խրիմի անօրինական բռնակցումը»։