ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը սկսած է մեղմացնել Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, մինչ 2015ի հիւլէական գործարքի վերականգնման շուրջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները կը թեւակոխեն վերջնական փուլը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսյէն Ամիր Ապտոլլահեան ողջունեց, սակայն անբաւարար նկատեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է ջնջէ բոլոր պատժամիջոցները եւ երաշխիքներ տայ, թէ դարձեալ պիտի չքաշուի 2015ի համաձանագիրէն, ինչպէս տեղի ունեցած էր 2020ին։