ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճան կը շարունակէ հայկական ժառանգութեան մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ, կը գրէ ֆրանսական հեղինակաւոր Le Figaro թերթի փոխխմբագիր Ժան-Քրիստոֆ Պիւսոն:
«Մինչ Ատրէյճան կը շարունակէ իր մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ՝ առանց որեւէ արձագանգի (յատկապէս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութնէն եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕէն), Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Պաքուի հետ իր ուժանիւթային գործընկերութիւնը», կը գրէ ան՝ անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Օլիվըր Վարհելիի գրառումին՝ Պաքուի մէջ իր հանդիպումներուն մասին:
Նշենք, որ ատրպէյճանցի լրագրող Հատար Իսայեւ «Եուրէյժանեթ» կայքին վրայ շաբաթավերջին գրած էր, թէ Պաքուի կառավարութիւնը մտադիր է հայկական արձանագրութիւնները ջնջել 2020 թուականին Հայաստանի հետ պատերազմին ընթացքին իր բռնագրաւած տարածքներուն մէջ գտնուող կրօնական վայրերէն՝ պնդելով, որ անոնք ալպանական կրօնական տաճարներ են։