ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 7 Փետրուարին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ հանրապետութեան հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած շարք մը զօրամասերը:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ Սուրէն Պապիկեան հետեւեցաւ ծառայութեան կազմակերպման եւ մարտավարական-մասնագիտական պատրաստութեան միջոցառումներուն եւ զօրամասերուն մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին:
Պապիկեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուց զօրամասերու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, ինչպէս նաեւ` զինուորական ծառայողներու ուտելիքի կազմակերպման հարցերուն:
Նոյն օրը նախարարը այցելեց նաեւ Զանգեզուրի կայազօրային հիւանդանոցը: Անոր ներկայացուեցան անհրաժեշտ դեղորայքով ապահովուածութեան, ինչպէս նաեւ` ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով յագեցուածութեան մակարդակը:
Պաշտպանութեան նախարարը զրուցեց հիւանդանոցին մէջ ապաքինող զինուորներուն հետ եւ առողջութիւն ու շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց անոնց: