ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Սիրոյ կեղծ տեսակը եւ միւս կողմէ չափազանց ու խոր ատելութեան երեւոյթը այս կեանքին մէջ, մարդ արարածին կը պարտինք: Կենդանական աշխարհը աւելի անկեղծ է վերոյիշեալ երկու երեւոյթներուն պարագային: Վայրի գազանը մեր վրայ յարձակած պահուն թատրոն չի՛ խաղար: Անիկա եթէ նոյնիսկ զգուշաւոր քայլերով մօտենայ իր զոհին, ճիշդ թակարդի մէջ բռնած ըլլալու հաշուարկ կը կատարէ, եւ ինքնավստահ ոստումով մը իր կլափին մէջ կ՛առնէ զայն:
Միւս կողմէ, ընտանի կենդանիները իրենց հաւատարմութիւնը ամենայն անկեղծութեամբ կ՛արտայայտեն: Ընտանի կենդանին թէ՛ արքունական պալատին մէջ եղած միջոցին եւ թէ անտուն մուրացկանին սայլակին քովէն, միշտ նոյն հաւատարմութեամբ կը քալէ: Երբ անիկա չի գիտակցիր, թէ իր տէրը աշխարհակալ թագաւոր է կամ գարշահոտ մուրացիկ, սիրոյ անկեղծութիւնը բնազդային ամէնէն բնական արտայայտութեամբ կ՛երեւի իր վերաբերումին մէջ: Մարդիկ միշտ գնահատած են ընտանի կենդանիներու հաւատարմութիւնը: Շքեղ բնակարաններու մէջ ապրող ընտանի կենդանիներ, այս առումով երբեմն շատ աւելի բախտաւոր են, քան մայթերու վրայ իրենց կեանքը քարշ տուող անօթեւան ու թշուառ մարդիկ:
Կենդանիներու հաւատարմութեան նկատմամբ մարդոց արտայայտած գնահատանքի ձեւերը կը տարբերին իրարմէ, սկսելով ամէնէն առաջին աստիճանէն, մինչեւ աներեւակայելիները: Այսպէս, արդէն սովորական դարձած երեւոյթ է ընտանիներուն կողմէ իրենց տիրոջ երեսները լիզելը եւ փոխադարձաբար նոյնքան եւ աւելի գուրգուրոտ մօտեցումները՝ անոնց սեփականատէրերուն կողմէ: Ոմանց համար պժգալի այս պատկերը այնքան հարազատ կը թուի ընտանի կենդանիներու սեփականատէրերուն, որ անոնք ո՛չ միայն զարմանքով կը նային պժգացողներուն, այլեւ կը խղճան անոնց, որովհետեւ «անոնք դեռ չեն գիտեր ընտանիներու հաւատարմութեան արժէքը»: Աւելի հեռուն ու մինչեւ աներեւակայելի գնահատանքները երթալով կը տեսնենք, որ ոմանք իրենց ամբողջ ունեցուածքը կը կտակեն իրենց ընտանի կենդանիին, որպէսզի իրենց մահէն ետք անիկա խնամատար բամպակեայ ձեռքերու մէջ շարունակէ իր կեանքը:
Ընտանի թէ վայրի կենդանիներու պարագային ըսուած խօսք է, որ անոնց միայն լեզու կը պակսի, արտայայտելու համար իրենց զգացումները: Բնազդային բոլոր տեսակի շարժումներէ բացի, երբեմն վարժութեան բերմամբ կենդանիներ զգացական արտայայտութիւններ կ՛ունենան, զարմանք պատճառելով շուրջը գտնուողներուն: Յատկապէս մայրացած կենդանիներու բնազդային խնամատարութիւնը իրենց ձագերուն հանդէպ, աւելի քան հրաշք է, երբ բնութիւնը անոնցմէ շատերը զրկած է նուրբ ձեռքեր ունենալէ: Երբեմն կոպիտ մարմնով կենդանիներ իրենց նորածին ձագերուն նկատմամբ ծայր աստիճան հոգածու կ՛ըլլան: Հապա՞ եթէ պատահեր, որ անոնք նուրբ ու փափուկ ձեռքեր ունենային, որքա՜ն գուրգուրոտ շոյանք պիտի տային իրենց ծնած ձագերուն:
Կեանքի տխուր բայց իրական երեւոյթներէն է նաեւ այն, որ կենդանական աշխարհին հանդէպ մեծ սէր ունեցող մարդիկ, յաճախ կը նախընտրեն կենդանիներու հետ աւելի ժամանակ անցընել, քան մարդոց: Ոմանք նոյնիսկ իրենց ամբողջ կեանքը ամուրի կարգավիճակով կ՛ապրին, սեփական ընտանիք ունենալու եւ իրենց կեանքին շարունակականութիւնը սեփական աչքերով տեսնելու աստուածատուր հաճոյքէն կը զրկեն իրենք զիրենք, պարզապէս հմայուած ըլլալով կենդանիներու անկեղծ սէրէն ու անխախտելի հաւատարմութենէն:
Մարդ էակի պարագային հսկայական տարբերութիւն կայ վերը ներկայացուած բացատրականներուն եւ անոր վարմունքին միջեւ: Բանականութիւնը, որ պէտք է դրական դերակատարութիւն ունենար եւ փոխյարաբերական կեանքը դէպի զարգացում մղէր, երբեմն ճիշդ հակառակ արդիւնքը կու տայ…: Սէրը, օրինակ, որ բիւրեղագոյն զգացումն է փոխյարաբերական կեանքի, յանկարծ վար կ՛առնէ իր դիմակը եւ անոր փոխարէն ատելութիւնը իր դէմքը ցոյց կու տայ: Մարդկային բանական էակներուն յատուկ է այս կեղծիքը. կենդանին չունի այդ: Ուրեմն, երբ կեղծ սիրով կը սիրեն ոմանք, կը նշանակէ, որ կը յաջողին խաբել իրենց շրջապատին մէջ գտնուողները եւ սիրոյ դիմակով ներկայանալ անոնց:
Զարմանալի երեւոյթ մը ի յայտ կու գայ վերոյիշեալ կացութեան մէջ. կեղծիքով շպարուած մարդիկ, շատ աւելի կը սիրուին, կը յարգուին եւ արժէք կը ստանան, քան անկեղծութեամբ իրենց ներքին զգացումը արտայայտող մարդիկ: Արդեօք կեղծիքը հաճելի՞ է: Չենք ուզեր հաւատալ սոյն իրականութեան, բայց թեթեւակի ճշմարտութիւն մը սկսեր ենք նկատել անոր մէջ: Ժպիտը, որ մարդ էակին յատուկ դիմային ուրուագծում մըն է, անոր հոգեկան խինդն ու պայծառ զգացումներուն արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ միայն: Սակայն այնքա՜ն կեղծ ժպիտներ կան, եւ որոնք երբեմն այնքա՜ն «հարազատօրէն» կը ցուցադրուին, որ մարդ ապշած կը մնայ…: Կարելի՞ է այդքան կեղծ ըլլալ, նոյնիսկ ժպտալու ամէնէն բնական ու պարզ արարքին մէջ…:
Ատելութիւնը վատ զգացում մըն է մարդուն հոգիին մէջ, որ կրնայ զայն առաջնորդել ամէնէն չար արարքներու կիրառման, անարգալից վերաբերումէն սկսեալ մինչեւ ոճիրի գործադրութիւն: Ատելութիւնը ձիւնագնդակի նման աճող երեւոյթ է, որ կրնայ շատ աննշան դէպքի մը յաջորդել եւ մեծնալով, աներեւակայելի զանգուածի վերածուիլ:
Մտածե՞ր էք, որ ատելութեան մէջ շատ աւելի «անկեղծութիւն» կայ, քան կեղծաւոր սիրոյ մէջ…: Ես պիտի նախընտրէի ատելութեան մէջ անկեղծութիւնը, քան կեղծաւոր սիրոյ «օրօրոցը»: Իրական ըլլալը աւելի դրական ու հեշտ երեւոյթ է, քան կեղծ ըլլալը: Սակայն, դժբախտաբար, մարդիկ չեն սիրուիր, ու նոյնիսկ կ՛ատուին, երբ իսկապէս անկեղծ են իրենց խօսքով ու վարմունքով: Ընդհակառակը, անոնք շատ աւելի սիրուած ու յարգուած են երբ կեղծ դիմակով շրջագային մարդկային ընկերութեան մէջ, կեղծ յարգանքով հմայեն միամիտները, կամ երդնուն անոնց անվճառ ծառան կամ ստրուկը դառնալ:
Կեղծիքի հանդէպ այս բացառիկ «սէրը» երկար ատեն ծածուկ չի կրնար մնալ: Ոմանք կը յաջողին ամբողջ կեանքի տեւողութեան իրենց դէմքին բռնած պահել կեղծիքի դիմակ մը: Շատ անգամ իրատես մարդիկ իրենց բարի խորհուրդներով կը մօտենան բարի մարդոց, պարզապէս արթնցնելու համար զանոնք կեղծաւորին շողոքորթութենէն, սակայն վերջիններս խորապէս ազդուած ըլլալով կեղծաւորին լեզուական ճարտարութիւններէն, ընդհակառակը կը մեղադրեն միջնորդները, նախանձի մոլութեան պիտակը փակցնելով անոնց ճակատին:
Կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ հարիւրքսան տարի արտօնուած է Աստուածաշունչի հրահանգով: Ուրեմն, վստահաբար մարդկային պատմութիւնը իր էջերուն պէտք է արձանագրած ըլլայ նաեւ, այսքան երկար տարիներ կեղծիքի դիմակը իրենց դէմքին ունեցած անձերուն անունները: Սակայն այդ չի՛ նշանակեր, որ կեղծիքի դիմակը գերեզմանէն անդին գործածելու հնարաւորութիւն ունեցեր են անոնք: Այդ դիմակը հանդերձեալին մէջ անպայման վար պիտի առնուի, իւրաքանչիւր անձի ինքնութիւնը կամ բուն իսկութիւնը յայտարարելու համար համընդհանուր ատեանին առջեւ:
Երանի չե՞ս տար իսկապէս անկեղծ մարդուն, որ կը յաջողի անկեղծութեամբ մօտենալ իր նմանին, քաջ գիտնալով, որ իր անկեղծ ըլլալուն համար ան պիտի ատէ զինք…: