ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը ապատեղեկատուութիւն որակեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը այն մասին՝ իբր թէ 9 Փետրուարին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսային հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը յարաբերաբար կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու ամբողջական վերահսկողութեան տակ:
Առաւօտեան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, թէ 9 Փետրուարի երեկոյեան հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները քանի մը ժամ՝ ընդմիջումներով, ռմբակոծած են ատրպէյճանական բանակի դիրքերը Քելբաջարի շրջանին մէջ: Ատրպէյճան կը պնդէ, որ պատասխան կրակոցներէն ետք հայկական կողմի կրակը դադրած է: