
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հեքիմեան ընտանիքը 250,000 տոլար նուիրած է կազմակերպութեան, նեցուկ կանգնելու համար Հայ Դատը ջատագովելու եւ հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու անոր աշխատանքներուն։
Յատկացուած գումարով հաստատուած է «Հեքիմեան ընտանիքի հիմնադրամ»ը, որմէ բաժիններ պիտի գործածուին քոնկրեսականներու հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, ամերիկահայ համայնքը քաղաքական կեանքի մղելու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւնները սերտացնելու, Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն արդար հատուցում ապահովելու ջանքերուն։
Հիմնադրամը իրականացած է շնորհիւ Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեաններուն, դոկտ․ Քենեթ Հեքիմեանին, դոկտ․ Քիմ Հեքիմեանին, Քրիս եւ Ցօղիկ Հեքիմեաններուն, Տէյվիտ եւ Սանտրա Հեքիմեաններուն, ինչպէս նաեւ Յարութ եւ Լորըն Տիրամայրեաններուն նուիրատուութիւններուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն՝ յիշեցնելով, որ Հեքիմեան ընտանիքը անցեալին եւս ցոյց տուած է, որ պատրաստ է գործնականօրէն զօրակցելու Հայ Դատին։