
Ստեփանակերտ, «Ապառաժ».- 6 Փետրուարին, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնած «Արցախը ստեղծագործում է» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Բացման հանդէս եկաւ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան, որ միութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն:
Ցուցադրուեցան Ստեփանակերտի, Շուշիի, Հադրութի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի, Շահմասուրի, Վանքի, Հացիի, Սպիտակաշէնի, Խնուշինակի եւ Ճարտարի տաղանդաւոր մանուկներու աշխատանքները:
«Ծրագիրի իրագործման համար համագործակցած ենք Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Արտադպրոցական ծրագիրի բաժնի վարիչ Արմէն Պետրոսեանի հետ: Այս ծրագիրը, նպատակ ունի Արցախի պատանիներուն մէջ սէր յառաջացնելու հանդէպ հայկական մշակոյթին, յատկապէս յետ-պատերազմեան շրջանին, ինչպէս նաեւ մեր հանրութեան բացայայտել տաղանդաշատ պատանիները եւ ցուցադրել անոնց աշխատանքները: Ծրագիրը ի սկզբանէ յայտարարուած էր ասեղնագործութեան, շիւղագործութեան եւ ուլունքագործութեան ասպարէզներու մէջ, սակայն, որովհետեւ ներկայացուած աշխատանքները տարատեսակ եւ բազմաբովանդակ էին, որոշեցինք ընդլայնել եւ իւրաքանչիւր շրջանէ ընտրել ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքը», զեկուցեց Յովհաննիսեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ արտադպրոցական ծրագիրի բաժնի վարիչ Արմէն Պետրոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուած աշխատանքներու հեղինակներուն եւ անոնց ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ նշեց, որ նախարարութիւնը կը համագործակցի տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնց շարքին է ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութիւնը: Պետրոսեան նաեւ շնորհաւորեց ՀՅԴի 131ամեակը:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալիոնա Գրիգորեան: Ան ողջունեց մասնակցողները եւ յայտնեց որ յատկապէս պատերազմէն ետք, խիստ կարեւոր եւ առաջնահերթ են նմանօրինակ մշակութային ձեռնարկները: «Յուզուած եմ, տեսնելով Հադրութէն, Շուշիէն ներկայացուած աշխատանքները: Յոյս ունիմ, որ Հադրութի մէջ եւս առիթ կ՛ունենանք նման ձեռնարկներ կազմակերպելու: Արցախի կողքին պիտի մնանք շարունակ», ըսաւ ան:
Ձեռագործ աշխատանքներու մասնագէտ Կարինէ Գրիգորեան ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, դժուար պայմաններու տակ նման ցուցահանդէս մը կազմակերպելու համար:
Ցուցահանդէսին աւարտին, 12 լաւագոյն աշխատանքները արժանացան պատուոգիրներու եւ նուէրներու, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ: