ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի վերականգնման ծրագիրի աշխատանքային խումբի ղեկավար Արտաշէս Թումանեան յայտնեց, որ շուրջ տասը օրէն երկաթուղիի հայկական կողմի վերականգնող երկու հատուածներուն մէջ մասնագէտները պիտի սկսին տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարել, եւ ատոր հիման վրայ ալ հետագային նախագիծ պիտի մշակուի՝ նշելով, որ խումբի աշխատանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ ռուսական երկաթուղիի մասնագէտներ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք չգործող Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղին վերագործարկելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան մասին կողմերը յստակ յայտարարեցին նախորդ տարեվերջին Սոչիի մէջ, ապա Պրիւքսէլի՝ երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումներէն ետք:
Ըստ այդմ, Ատրպէյճանի հետ կապը վերականգնելու համար Հայաստան 45 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթագիծ պէտք է կառուցէ Մեղրիի հատուածին մէջ: Ամիս մը առաջ կառավարութիւնը վերականգնման աշխատանքներուն համար ստեղծեց 10 հոգիէ կազմուած յատուկ խումբ, զոր կը ղեկավարէ վարչապետի խորհրդական, Իրանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Արտաշէս Թումանեան:
Տակաւին յստակ չէ, թէ հայկական կողմը ե՛րբ պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները: Վարչապետի խորհրդականին համաձայն՝ այդ աշխատանքներուն սկսելու համար Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է ամրագրուին փաստաթուղթով:
Թումանեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի Երասխի հատուածը վերականգնելու համար ամիսներու կարիք կայ, իսկ Մեղրիի հատուածին՝ երեք տարուան:
Տակաւին յստակ չէ, թէ որքան գումարի կարիք կայ եւ թէ ո՛վ պիտի տրամադրէ ատիկա:
Ատրպէյճան Երասխ, Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղիի իր կողմը գտնուող հատուածներուն մէջ շինարարութիւնը մէկ տարի առաջ սկսած էր, իսկ նախորդ օրերուն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ կատարուած է շինարարական աշխատանքներուն 24 տոկոսը եւ նախատեսուած է զայն ամբողջութեամբ աւարտել 2023ին: