ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հակառակ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին նկատմամբ ցուցաբերուած կասկածամտութեան, ապատեղեկատուութեան եւ մեկնաբանութիւններուն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր շրջանակները, իշխանութեան պետերն ու պաշտօնական մարմինները կը հաստատեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան որոշուած թուականին:
Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահութիւնը Շաբաթ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին՝ Մայիս 15, 2022ին կատարելու որոշումին:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան ճշդուած թուականին՝ աւելցնելով, որ նախարարութիւնը իր կարիքները ցանկագրած է եւ կը ջանայ քուէարկութեան ու քուէախոյզ կեդրոններուն համար բաւարար ելեկտրականութիւն ապահովել:
Մաուլաուի նշեց, որ ընտրութիւններուն կայացման համար պահանջուած գումարները հսկայական չեն՝ աւելցնելով, որ անոնց մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յայտարարուին այս շաբթուան ընթացքին:
Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները կենսական քայլեր են, որպէսզի Լիբանանը վերստին նկատի առնուի իրենք զիրենք յարգող պետութիւններու շարքին:
Ան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան՝ հաստատելով, որ բանակը քաղաքականութեան եւ ապահովութեան երաշխիքն է՝ ընդգծելով, որ իրենք շնորհակալ են բանակին զօրակցող եւ օժանդակող բոլոր պետութիւններուն: