ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետութեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն եւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը Յուլիս 2018էն ի վեր կրցած յատկանշական սպասարկութիւններ ապահովել Լոս Անճելըս գաւառի եւ յատկապէս Կլենտէյլ քաղաքի անպատսպար քաղաքացիներուն:
Տրամադրուած են նիւթական աջակցութիւն եւ յարմար բնակարան ճարելու օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ աշխատանքի կարելիութեանց փնտռտուքի օգնութիւն եւ տարրական այլ սպասարկութիւններ:
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը Յուլիս 2021էն սկսեալ, անպատսպարներուն օժանդակութիւններ կը տրամադրէ նաեւ «Քովիտ»ի համաճարակէն տուժածներու յատուկ ESG-CV2 ծրագրին միջոցաւ եւ այդ մէկը պիտի շարունակէ մինչեւ այս տարուան Սեպտեմբերը:
Անպատսպարներուն աջակցելու այս ծրագիրը յոյժ կարեւոր է յատկապէս այս հանգրուանին, երբ անպատսպարներուն թիւը զգալի աճ արձանագրած է Լոս Անճելըս գաւառին մէջ:
«Այս ծրագիրը մեզի առիթ կ՛ընծայէ աջակցութեան ձեռք երկարելու երկար ժամանակով անպատսպար մնացած քաղաքացիներուն, թէ՛ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ եւ թէ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին», կը յայտնէ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատուներէն` Սեդա Խալաթեան:
Անպատսպարներու յատուկ աջակցութիւն ստանալու կարելիութեանց ծանօթանալու համար դիմել՝ Սելինա Սարաֆեանին կամ Սեդա Խալաթեանին, յաջորդաբար` (818) 241-7533 x129 կամ (818) 241-7533 x119 թիւերով: