ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք»․- Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ անցած Ռաքքա քաղաքէն մեծաթիւ քրիստոնեայ ընտանիքներ հեռացան։ «Իսլամական պետութիւն»ը կործանած էր քաղաքին եկեղեցիները ու պարտադրած հետեւիլ իսլամական օրէնքներուն, կը յիշեցնէ «Նահար Արապ»ի կայքը։ Աղբիւրը կը նշէ, թէ այժմ 30 քրիստոնեայ ընտանիք մնացած է Ռաքքայի մէջ ։
Ռաքքայի հայ համայնքի անդամներէն 55 տարեկան հայր մը «Մարդկային իրաւանց դիտարկման կեդրոն»ին պատմած է, թէ «Իսլամական պետութեան» իշխանութեան օրերուն, ստիպած են իրեն, որ ընդունի իսլամական կրօնքը, հետեւի այդ կրօնքի դասընթացքներուն եւ ենթարկուի անոնց օրէնքներուն, փոխարէնը «լուծել»ով ընտանիքի ապահովութեան հարցը։ Աւելի ուշ, ան ձերբակալուած է քրիստոնէական ծէսեր կատարելու մեղադրանքով։ Ան պատմած է նաեւ, թէ կազմակերպութիւնը ձեռքը դրած է իր ազգականներու բնակարաններուն եւ առեւտրական խանութներուն վրայ։
Ռաքքայի քրիստոնեաները բաժնուած են երկու խումբերու։ Կան բնիկ ռաքքացի հայեր եւ այն հայերը, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն խոյս տալով հասած են Ռաքքա։ Կան նաեւ այլ քրիստոնէական համայնքներ ինչպէս՝ Յոյն Կաթողիկէ համայնքը, որուն պատկանող Ս. Աւետում եկեղեցին փլատակ վիճակի մէջ է ներկայիս։ Կայ Հայ Կաթողիկէ համայնքը, որուն պատկանող Ս. Նահատակաց եկեղեցին վերաբացուեցաւ անցեալ Նոյեմբերին։
Կը նշուի նաեւ, որ Ռաքքայի քրիստոնեաները «Իսլամական պետութեան» կողմէ ենթարկուած են բռնութեան եւ ցեղապաշտական խտրականութեան․ անոնք նոյնիսկ տուգանք՝ «ճըզիէ», վճարած են՝ պարզապէս իրենց բնակարաններուն մէջ ապրելու համար։ Ռաքքայի եկեղեցիները վերածուած են կազմակերպութեան յատուկ ռազմական կեդրոններու։
Ըստ աղբիւրին, քրիստոնեայ ընտանիքներուն թիւը 2013-2017ին զգալիօրէն նուազած է, 4000էն իջնելով 200 ընտանիքի։ Անոնցմէ շատեր փոխադրուած են սուրիական այլ քաղաքներ, կամ գաղթած երկրէն։
Ի դէպ, 2017ին, երբ քաղաքը ազատագրուած է, փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղող միջազգային Free Burma Rangers կազմակերպութիւնը, համագործակցութեամբ Ռաքքայի քաղաքացիական խորհուրդին սկսած է նորոգել հայկական Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որ վերաբացուեցաւ անցեալ Նոյեմբերին։