ԵՐԵՒԱՆ, «Արմենփրէս»․- Եւրոմիութիւնը խստօրէն արձագանգեց յունական կղզիներու զինման մասին Թուրքիոյ արտաքին նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի խօսքերուն, կը գրէ թրքական demokrathaber.org լրատուական կայքը։
Արդարեւ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատարի բանբեր Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնները կասկածի տակ կը դնեն Յունաստանի գերիշխանութիւնը՝ որոշ կղզիներու նկատմամբ։ Ան նաեւ նման յայտարարութիւններ «վնասակար» կ՛որակէ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Չաւուշօղլուի խօսքերը կը հակասեն Արեւելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւրոպական ջանքերուն։
«Այս կղզիներուն վրայ Յունաստանի գերիշխանութիւնը կարելի չէ կասկածի տակ դնել։ Թուրքիա պէտք է յարգէ զայն, խուսափի այս առումով գրգռիչ արտայայտութիւններէ ու գործողութիւններէ եւ ձգտի բոլոր հակամարտութիւնները լուծել խաղաղօրէն», կ՛աւելցնէ Սթանօ։
Չաւուշօղլուի յայտարարութեան խստօրէն հակադարձած էր նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։