
ՊԸՐՊԵՆՔ․- Օրհնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, հրատարակուեցաւ Գէորգ սրկ. Գէորգեանի՝ «Ընդդէմ Նրանց, Ովքեր Գայթակղւում Են Ամբարիշտների Բարեկեցութեան Եւ Զայրանում Արդարների Դժբախտութեան Համար» աշխատասիրութիւնը, որ իր մէջ կը խտացնէ Աստուածաշունչի Հայ եկեղեցւոյ հայրերու շունչն ու իմաստութիւնը:
Ներկայացուած խորհրդածութիւնները որոշապէս պատասխաններ կը յղեն մտահոգ հաւատացեալներուն, որոնք կ՛որոնեն իրենց միտքը չարչրկող բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ: Հեղինակը իր աշխատութեամբ ընթերցողին միտքն ու հոգին կը լուսաւորէ Աստուծոյ խօսքով եւ նոյն խօսքին ներշնչումով՝ հաւատքի կեանքը վկայախօսած է եկեղեցւոյ հայրերու պատգամներով ու յաճախ գեղեցիկ եւ հոգեւոր իմաստով հիւթեղ պատմուածքներով: