ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- 17 Փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթերս Եահիան:
Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի՝ ՄԱԿի անդամակցութեան 30ամեակի ծիրին մէջ նախատեսուող միջոցառումներուն:
Քննարկուեցան նաեւ Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակման իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդասիրական խնդիրները:
Միրզոյեան շեշտեց Արցախի մէջ միջազգային մասնագիտացած կառոյցներու, որոնց կարգին՝ ՄԱԿի եւ ՄԱԿի գործակալութիւններու անխոչընդոտ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը: