ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին օրէնքի նախագիծին: Հարցը ներառուած էր չզեկուցուող հարցերու օրակարգի վրայ:
Նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ համաձայնագիրի վաւերացումը պիտի նպաստէ երկկողմանի կանոնաւոր թռիչքներու ապահովման, պիտի խթանէ երկկողմանի տնտեսական կապերու աշխուժացումը: Կանոնաւոր թռիչքներու իրականացումը խիստ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ սուրիահայ համայնքին՝ դէպի Հայաստան ուղղուելուն, ինչպէս նաեւ միջպետական, խորհրդարանական եւ այլ պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններուն վրայ:
Հաշուի առնելով նշեալները եւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ օդային հաղորդակցութիւնների մասին համաձայնագիրի վաւերացումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ կանոնաւոր օդային հաղորդակցութիւններու իրաւական կարգաւորման՝ «Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէն» համաձայնագիրի վաւերացումը նկատեց նպատակայարմար: