ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 44օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորական ծառայողներու աճիւններու նոյնականացման գործընթացը ամբողջովին աւարտեցաւ եւ ներկայիս հետազօտման մէջ չկայ ոեւէ փորձանմոյշ, 17 Փետրուարին յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան:
Նախարարը նաեւ նշեց, որ կան նոյնականացուած մարմիններ, մասունքներ, որոնք դեռ յուղարկաւորուած չեն, այսինքն՝ ծնողները մերժած են ընդունիլ դատաբժշկական կեդրոնին մէջ կատարուած հետազօտութեան արդիւնքները:
Աւելի կանուխ, զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով զբաղող կոմիտէն յայտնեց, որ արտերկիր ուղարկած է 100 վնասուած փորձանմոյշներ, որոնցմէ 5 չեն նոյնականացուած:
Ըստ Քննչական կոմիտէի վերջին տուեալներուն՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք անհետ կորսուած է 199 զինուոր եւ 21 խաղաղ բնակիչ:
Պաշտօնական վերջին տուեալներով՝ պատերազմին իբրեւ արդիւնք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած է 3809 զինուոր եւ քաղաքացիական անձ: