ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննեցին Անդրկովկասի կացութիւնը եւ Արեւմուտքէն ապահովական երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութեան հարցը, կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում շարք մը շրջանային եւ միջազգային միտումներու շուրջ: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է Անդրկովկասի կացութեան, նախ եւ առաջ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին», կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Այս ծիրին մէջ երկու նախարարները կարեւոր նկատած են Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր կէտերու պարտադիր կատարումը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան, կողմերը նաեւ անդրադարձած են «ապահովութեան իրաւական երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութեան քննարկման ընթացքին»:
Լաւրով եւ Պայրամով արտայայտեցին այն կարծիքը, որ անհրաժեշտ է «իրական բովանդակութիւն հաղորդել ԵԱՀԿի մէջ բարձր մակարդակով ընդունուած մասնակից երկիրներու պարտաւորութիւններուն եւ Եւրատլանտեան տարածքին մէջ ապահովել հաւասար ու անբաժանելի անվտանգութիւն»:
Նախարարները քննարկեցին ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները, ներառեալ՝ յառաջիկայ հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը: