

Քերթողական եւ արձակ կտորներու «Կին՝ Ատեան Եւ Մատեան» հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է։ Հոն կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ, ու ընկերային յարաբերութեանց ժամանակաշրջաններէ։ Անոնք իրե՛նց հոգեխառնութեամբ եւ ձայնով կը դիմակայեն սովորականն ու անսովորը, տարբեր պետութիւններու օրէնքները, դատարաններն ու պարտադրուող ինչ եւ ինչ աւանդութիւնները, մեղքերն ու սրբութիւնները ու կը կազմեն սեփական կամքով ատեան եւ կը մատուցուին որպէս ժամանակակից մատեան։
«Հարկ է ընկալել գեղեցիկ բառերէն անդին ու տեսնել Թեքեանի տողերուն մէջ տեղ գտած փիլիսոփայական կայծերը, մտաւորական խորութիւնը, սփիւռքահայու, գրողի ու մարդու տագնապները պատկերելու նորարար ձեւերու առանձնայատկութիւնը, կնոջ խնդիրները գեղագիտացնելու վարպետութիւնն ու այդ խնդրի հիմնական (ու շուկայի վրայ գրեթէ մենաւոր) տեղը իր քերթողութեան եւ ստեղծագործական արձակին մէջ», կը գրէ փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան։
Ստանալու համար դիմել հետեւեալ հասցէին՝
V. Tekian
560 Otto Place
Paramus, New Jersey 07652, USA
Գինը՝ 25 ամերիկեան տոլար է, իսկ առաքման ծախսը՝ 5 տոլար՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 22 տոլար՝ Գանատայի համար, իսկ այլ երկիրներու համար՝ 30 տոլար։