
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- «Արաս» հրատարակչատունը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր եւ իսկապէս յատկանշական գիրք մը, որ կը կոչուի «Կապոյտ Երազ»։ Պատմուածքներու ժողովածոյ մըն է այս մէկը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ պոլսահայ գրողներու՝ ծովու, կղզիի, նաւու եւ նաւամատոյցի վերաբերեալ պատմուածքները ու գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Պոլսահայ պատմուածքի ծովաբոյր այս ընտրանին քաղած եւ հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ։
Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած է այս հատընտիրը կը ներկայացնէ մէկը միւսէն արժէքաւոր 19 հեղինակներէ պատմուածքներ։ Այդ հեղինակներն են՝ Արա Կիւլէր, Եղիշէ Այվազեան, Արաքսի Նաթանեան, Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեան, Անահիտ Վան, Վ. Ս. Ծովակ, Ռաֆֆի Քէպապճեան, Վարդան Կոմիկեան, Զաւէն Պիպեռեան, Երուանդ Կոպէլեան, Կարօ Էլակէօզ, Ատրինէ Տատրեան, Գեղամ Սեւան, Սեդա Թեւեան, Վարուժան Աճէմեան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Անդան Էօզեր, Յակոբ Մնձուրի, Վարդ Հազըրեան եւ Քրիստիան Բատիկեան։
Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ բազկերակը գրողի զգայնութեամբ արտայայտած այս անունները կ՛արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով քաղաքին զգացումներու աշխարհագրութիւնը։ ««Կապոյտ Երազ» կը խոստանայ ընթերցանութեան անյագուրդ ախորժակ մը, միւս կողմէ մատուցելով արժանին Պոլսոյ ծովերուն, որ անկասկած միլիոնաւորներու հասարակաց կապոյտ երազն է։ «Կապոյտ Երազ»ը գովք մըն է մեր իսկ ձեռքով բրտօրէն դէպի ոչնչացում թաւալող պատմական քաղաքին, իր մշակոյթին ու բնակիչներուն…», կը գրէ հրատարակչատունը։
«Կապոյտ Երազ»ը կը պարփակէ նաեւ քանի մը յատկանշական լուսանկար՝ մանաւանդ, որ գլուխները իրարմէ բաժնուած են մեծաւ մասամբ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի ոսպնեակին որսացած դրուագներով։