ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արցախի 44օրեայ պատերազմին ստեղծած նոր մարտահրաւէրներուն նուիրուած դոկտորականի թեկնածու ուսանողներու ուսումնասիրութիւններուն աջակցելու համար, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկը անցեալ տարի յատուկ կրթանպաստներ հաստատած էր։
15 երկիրներէ առաքուած աւելի քան 60 դիմումներէն, հիմնարկը ընտրած է Արցախի ապագային նուիրուած այն 23 ուսումնասիրութիւնը, որոնց նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնի, ընդհանուր՝ 90,000 տոլարով։
Ընտրուածները կու գան 8 երկիրներէ, որոնք են՝ Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ատրպէյճան, Ֆրանսա, Թուրքիա, Ռուսիա, Վրաստան եւ Գանատա։