ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ընդարձակած է նամակագրութեան արշաւը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգէն եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն պահանջելով յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրել Արցախին եւ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները:
Կը շեշտուի, որ առնուազն 100 միլիոն տոլար պէտք է տրամադրել Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած մօտաւորապէս 100,000 հայ գաղթականներուն կարիքները հոգալու ջանքերուն համար:
Նամակին մէջ կը քննադատուի Արցախի եւ Հայաստանի վրայ շարունակաբար յարձակող Ատրպէյճանի բռնարարքները յստակօրէն չդատապարտելու ամերիկեան կեցուածքը եւ առնուազն 100 միլիոն տոլար կը պահանջուի ամրապնդելու համար Հայաստանի սահմանները, որոնք շարունակաբար ատրպէյճանական յարձակումներու թիրախ կը դառնան:
Արշաւին միանալու համար այցելել Հայ Դատի կայքէջը: