
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էն.Պի.Սի.».- Չորեքշաբթի օր, Մոնթենեկրոյի մէջ ձերբակալուեցան համաճարակի օրերուն պետական աջակցութեան վարկերու ծրագիրներէն միլիոնաւոր տոլար գողցած երեք հայորդիներ, որոնք բանտարկութեան դատապարտուած են:
Նշենք, որ Ռիչըրտ Այվազեան եւ կինը՝ Մարիէթթա Թերապելեան անցեալ Օգոստոսին անհետացած էին, յաջորդաբար 17 եւ 6 տարուան բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք: Անոնք ամբաստանուած էին կեղծ ընկերութիւններու միջոցաւ ներկայացուած 151 դիմումներով՝ աւելի քան 18 միլիոն տոլար գողնալու յանցանքով:
Անոնց այլ մեղսակից մը՝ Թամարա Տատեան այս տարուան Յունուար 28ին անհետացած էր, մօտաւորապէս 11 տարուան բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք: