ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Մարտ 8ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) տեղի պիտի ունենայ ցեղասպանութեան ուսմանց նոր ուղիներուն նուիրուած դասախօսութիւն մը, որուն համահովանաւորն է՝ «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկը։
Բանախօսն է՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի այցելու դասախօս դոկտ. Սուրէն Մանուկեան։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է: Ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով հայագիտականէն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: