
ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԹԻՒ 907 ՅԱՒԵԼՈՒԱԾԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի օր կոչ ըրաւ Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ պարտադրէ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւին թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը: 1992ին վաւերացուած յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջացնելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն հետեւանքով Ատրպէյճան միայն 2002էն 2021ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:
Այս բացայայտումը տեղի ունեցաւ 44օրեայ պատերազմէն ետք ամերիկահայութեան եւ հայամէտ քոնկրեսականներուն պահանջին հիման վրայ Քոնկրեսի Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին (GAO) կատարած հետախուզութիւններուն շնորհիւ:
Ծերակուտական Պապ Մենենտեզ շեշտեց, թէ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային վնասներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին զեկուցումը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մութ էջերուն վրայ, հաստատելով, որ Ուաշինկթըն երկար տարիներէ ի վեր անպատասխանատու կերպով ռազմական օժանդակութիւն կը տրամադրէ քարիւղով հարուստ, ազգայնամոլ եւ յարձակողապաշտ պաքուի իշխանութիւններուն:
Զեկուցումը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ, իսկ անոր հիմնական բաժինները՝ կայքէջէն: