
Իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ, ֆութպոլի համաշխարհային եւ եւրոպական դաշնակցութիւնները՝ ՖԻՖԱն եւ ԵՈՒԷՖԱն, յայտարարեցին, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի բոլոր հաւաքականներն ու ակումբները հեռացուեցան միջազգային բոլոր մրցաշարքերէն:
2022ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով, Ռուսիա պէտք էր մրցէր Լեհաստանի դէմ, իսկ «Սպարտակ Մոսկուա»՝ գերմանական «Լայփցիկ»ի դէմ:
Այս որոշումը բնականաբար հետեւանք է Ռուսիոյ զինուած ուժերու Ուքրանիոյ ներխուժումին:
Նշենք, որ նախքան այս որոշումին յայտարարուիլը, Լեհաստան, Շուէտ, Չեխիա, Ալպանիա, Իրլանտա, Զուիցերիա, Անգլիա եւ Հոլանտա նշեցին, որ չեն ուզեր որեւէ տեսակի մրցում կատարել Ռուսիոյ դէմ:
Միւս կողմէ, իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Ժիւտոյի միջազգային դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը որոշեց դադրեցնել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի լիազօրութիւնները՝ իբրեւ դաշնակցութեան պատուոյ նախագահ եւ դեսպան: