ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 3 Մարտին Մելիքսէթ Պօղոսեան, կառավարութեան որոշումով, հեռացուեցաւ Սիւնիքի մարզպետի պաշտօնէն, եւ անոր տեղ նշանակուեցաւ Ռոբերտ Ղուկասեան:
Մելիքսէթ Պօղոսեան Սիւնիքի մարզպետն էր 2020ի Դեկտեմբերէն: Ան այդ պաշտօնը ստանձնեց՝ Յունան Պօղոսեանը փոխարինելով:
Ղուկասեան վարչապետի խորհրդականն էր Օգոստոս 2019էն: