ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 9 Մարտին հրաւիրեց Փարիզ՝ մասնակցելու հայ-ֆրանսական համագործակցութեան հաւաքին, կ՛իմանանք Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան կողմէ հրապարակուած՝ Մաքրոնի շնորհաւորական ուղերձէն, որ նուիրուած է հայ-ֆրանսական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին:
Ֆրանսայի նախագահը շնորհաւորական ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ դարեր շարունակ ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդներուն սերտ բարեկամութեան շնորհիւ երկու երկիրները վերջին երեք տասնամեակներուն կառուցած են ամուր, բազմազան եւ խոստումնալից գործընկերութիւն՝ յանուն ապագայի:
Նշուեցաւ, որ դիւանագիտական կապերու 30ամեակին առիթով, Փարիզի մէջ Մարտ 9ին կազմակերպուելիք երկխօսութեան այս հարթակին նպատակն է հաստատակամօրէն դէպի ապագայ ուղղուիլ, միաւորել ֆրանսացի եւ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, տեղական ինքնակառավարման մարմինները, ձեռնարկութիւնները, միութիւնները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անհատներ՝ տարբեր բնագաւառներէ:
Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ Հայաստան կրնայ ապաւինել Ֆրանսայի վճռական կամքին, թէ՛ երկկողմանի եւ թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ՝ հասնելու համար Արցախի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման։