ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 7 Մարտին ընդունեց բարերար, Հայ կրթական հիմնարկութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալեք Պաղտասարեանը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմէն «Նիուզ»ին յայտնեցին, որ զրուցակիցները քննարկեցին Արցախի կրթութեան եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար՝ Արցախի դպրոցներուն մէջ ճարտարագիտական միտքի զարգացման, դպրոցները թեքնիք իմաստով օժտելու, գոյքով ապահովման եւ դպրոցաշինութեան վերաբերող նախագիծերը:
Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատեց կազմակերպութեան եւ Ալեք Պաղտասարեանի անձնական ներդրումը Արցախի կրթութեան ոլորտի զարգացման մէջ՝ նշելով, որ անիկա արդէն իսկ դրական դերակատարութիւն կ՛ունենայ ուսումնական գործընթացի բարելաւման վրայ:
Արցախի Հանրապետութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար, նախագահ Յարութիւնեան բարերար Ալեք Պաղտասարեանին յանձնեց «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալը՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ անոր աշխոյժ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը կը կրէ շարունակական բնոյթ:
Հանդիպման մասնակցեցաւ Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարար Արմինէ Պետրոսեան: