
Մարտ 8ը Կանանց միջազգային օրն է։ Անիկա առիթ կ՛ընծայէ պատուելու կանանց իրագործումները եւ պէտք է հանրութիւնը մղէ մտածելու, թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմել՝ երաշխաւորելու համար կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, աշխարհի տարածքին։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, չորս տասնամեակներու ընթացքին ապահովուած յառաջդիմութենէն ետք, այժմ ականատես կը դառնանք կանանց իրաւունքները սահմանափակելու ծրագրուած քայլերու։ Որոշ տարիքի տղամարդոց կողմէ հեղինակուած օրէնքներ կը հաստատուին զանազան նահանգներու մէջ, կանանց ընտրելու տարրական իրաւունքները խլելու նպատակով։ Եկամուտի անարդարանալի անհաւասարութիւնը եւս կը շարունակէ սահմանափակել կանանց իրաւունքները։

Ցաւալի է, որ մինչ Կանանց միջազգային օրը ծնունդ առած է ինքզինք աշխարհի ամէնէն ժողովրդավար եւ յառաջադէմ երկիրը յորջորջող Միացեալ Նահանգներէն, ամերիկացի կիները այդ տօնին հռչակումէն ետք իսկ պէտք է շարունակէին պայքարիլ, իրենց տարրական իրաւունքներուն, ներառեալ՝ ընտրելու իրաւունքին տիրանալու համար, մինչ շարք մը այլ երկիրներ, ներառեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կանանց իրաւունք շնորհած էր գործնականապէս մասնակցելու երկրին քաղաքական եւ քաղաքացիական կեանքին։
Սակայն, այսօր կացութիւնը տարբեր է Հայաստանի մէջ։ Խորհրդային լուծը եւ անոր յաջորդած կառավարութիւնները, ներառեալ՝ ներկայ կառավարութիւնը, յատկանշական ոչ մէկ քայլ առած են՝ բարելաւելու համար կանանց իրավիճակը, որպէսզի անոնք կարենան իրենց արդար տեղը գրաւել ընկերութեան եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Օրինակի համար, քանի մը տարի առաջ, մեծամասնութեամբ տղամարդոցմէ կազմուած Հայաստանի խորհրդարանը դէմ դրաւ ընտանիքներու մէջ բռնութիւնները կասեցնել փորձող նախաձեռնութեան, զայն նկատելով «հայկական աւանդական ապրելակերպ»ը վտանգող քայլ մը։
Կացութիւնը աւելի լաւ չէ մեր կազմակերպութիւններուն մէջ։ Հոն, կիներուն վերապահուած է ընկերային ձեռնարկներու կազմակերպումը, մինչ տղամարդիկ ստանձնած են կազմակերպութիւններու առաքելութիւնները յառաջ մղող որոշումները տալու պատասխանատուութիւնը։ Ուղղակի ընդդիմացում կայ կիները ղեկավար պաշտօնի վրայ տեսնելու ջանքերուն, որովհետեւ, հակառակ իրենց պնդումներուն, այդ կազմակերպութիւններուն մէջ եւս կը յամենայ վերը բերուած Հայաստանի օրինակին մէջ տեսնուած յետամնաց աւանդապաշտութիւնը։ Յատկանշական է, որ կազմակերպութիւն մը Մարտ 8ին յայտարարեց ընտրութիւնը իր ղեկավար մարմինին, որուն մէջ ոչ մէկ կին ներկայացուցիչ կայ, իսկ որուն միջին տարիքը 65 է։
Սակայն, 2020ի Արցախի պատերազմին ընթացքին, գլխաւորաբար կիներ էին ատրպէյճանական յարձակումներուն թիրախը եւ այդ կիներն էին, որոնք պէտք է երաշխաւորէին մանուկներու եւ տարեցներու ապահովութիւնը։ Իսկ այսօր, այդ նոյն կիներն են, որոնք ողջ կը պահեն մեր հերոսներու յիշատակը, միաժամանակ դիմագրաւելով ընկերային-տնտեսական աներեւակայելի վատ պայմաններ, մինչ իրենց ճակատագիրը կախեալ կը մնայ գլխաւորաբար տղամարդոց որոշումներէն։
Մէկ փաստ կը մնայ անփոփոխ․ մեզմէ ո՛չ ոք հոս պիտի ըլլար, եթէ կին մը երկնած չըլլար մեզ։
Այսօր, Կանանց միջազգային օրուան առիթով, կիները մեծարելու կողքին, պէտք է միասնաբար աշխատանք տանինք, որպէսզի ապահովուին անոնց տարրական իրաւունքները եւ անոնք ստանձնեն իրենց արժանի դերերը, որոնց շնորհիւ պիտի զօրանայ մեր համայնքը, հայրենիքը եւ ազգը։
Հաւատանք եւ քաջալերենք արժանապատիւ եւ պարկեշտ
Տօնդ շնորհաւոր
Նուարդ Պարսամիան Ադամիան