
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ 5 Մարտին, Պաքուի դատարաններուն մէջ աւարտեցաւ երկու հայ գերիներ՝ Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի «դատավարութիւն»ը։
Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն՝ Սարգսեան դատապարտուեցաւ 19 տարուան բանտարկութեան, իսկ Ռաֆայէլեան՝ 18 տարուան։
Դատախազը Սարգսեանին համար 20 տարուան, իսկ Ռաֆայէլեանի համար 19 տարուան բանտարկութիւն պահանջած էր:
Սարգսեան եւ Ռաֆայէլեան կը մեղադրուին Մայիս 2021ին անօրինական կերպով ատրպէյճանական սահմանը անցնելու եւ Քարվաճառի (Քելբաջար) շրջանի ճամբաները ականապատելու, ինչպէս նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը պայթեցնել ծրագրելու շինծու յանցանքներով: