ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՈՒՆԻ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 7 Մարտին, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական կողմի արձակած կրակոցներէն զոհուեցաւ պայմանագրային զինուոր սերժանտ Հրաչ Մանասարեան: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կէսօրուան ժամը 12:40ի շուրջ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները նշանառու կրակ բացին սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ վիրաւորելով երկու հայ զինուորներ:
Հրաչ Մանասարեան մահացաւ դէպի հիւանդանոց ճամբուն վրայ: Վիրաւորուած երկու միւս զինուորներուն կեանքին վտանգի չի սպառնար: «Շատ լաւ ընտանիք են, համեստ, աշխատող, իրանց յոյսով ապրող ընտանիք են», ըսաւ Ակնէր համայնքի վարչական ղեկավար Սպարտակ Մինասեան:
Զոհուած զինուորը Սիւնիքի մարզի Ակնէր գիւղէն էր, 5 տարի է պայմանագրային զինուոր է, մասնակցած է նաեւ 44օրեայ պատերազմին:
Պաշտօնական Երեւանը՝ դատապարտելով ատրպէյճանական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հայ զինուորին սպանութիւնը՝ ընդգծեց, որ այս եւ նմանօրինակ միջադէպերը, զինադադարի դրութեան պարբերական խախտումները աւելի կը հիմնաւորեն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագիծէն զօրքերու հայելային քաշուելուն եւ սահմանագօտիին մէջ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը:
«Կարեւոր ենք համարում նաեւ, որ Ադրբեջանի սադրիչ գործողութիւններին ու յայտարարութիւններին պատշաճ գնահատական տրուի միջազգային հանրութեան կողմից», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, պաշտօնական Պաքուն հերքեց. «Սուտ է եւ իրականութեանը չի համապատասխաներ», յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ աւելի կանուխ լուրեր տարածեց այն մասին, թէ հայկական կողմը մէկ օրուան ընթացքին 24 անգամ կրակած է Թերթերի, Աղդամի, Գերանբոյի, Խոջալուի ու Քելբաջարի ուղղութիւններով:
Ատրպէյճանէն տարածուած տեղեկատուութիւնը հերքեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան անգամ մը եւս ապատեղեկատուութիւն տարածեց:
Միւս կողմէ ատրպէյճանական կրակոցները չեն դադրիր նաեւ Արցախի սահմանային գիւղերուն ուղղութեամբ, երկրորդ օրն ըլլալով կրակոցներ արձակուեցան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղին կողմը: «Ադրբեջանական կողմը լռեց միայն մեր պատասխանից յետոյ», յայտնեց համայնքապետ Զօրիկ Աբրահամեան՝ նշելով, որ բանակցութիւններ վարած են ռուս խաղաղապահները:
«Ես զանգել եմ խաղաղապահների հրամանատարին, հրամանատարը տղաներին ուղարկել ա, երկու հատ BTR-ով եկել են գիւղ, ամբողջ սահմանի երկայնքով շրջանցել են, խաղաղապահների հրամանատարութիւնը եկել, Ադրբեջանի հրամանատարութիւնը սահմանին բանակցութիւններ են վարել», յայտնեց Աբրահամեան:
Ատրպէյճանական կողմը 6 Մարտի առաւօտեան եւս դիմեց սադրանքի՝ հայկական կողմին ուղղութեամբ արձակելով բուռն կրակոցներ: Ռուս խաղաղապահ ուժերու արձագանգին շնորհիւ իրավիճակը հանդարտեցաւ: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն, որ նշեց, թէ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պարբերաբար սադրիչ եւ լարուածութիւն յառաջացնող գործողութիւններ կ՛իրականացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքին յարակից դիրքերուն ուղղութեամբ: Կարելի բոլոր միջոցներով փորձ կը կատարուի վտանգելու գիւղի բնականոն կեանքը, գիւղատնտեսական աշխատանքներու ընթացքը եւ գիւղական առօրեայի կազմակերպումը:
Դատախազութիւնը դիտել տուաւ, որ կրակոցներուն զուգահեռ կան ռազմական ուժի կիրարկման սպառնալիքին հոգեբանական ճնշման տեղեկատուական յարձակումը եւ բարձրախօսներով տարբեր բնոյթի յայտարարութիւններու տարածումը: