ԱՄԵՐԻԿԱ ԵՒ ԱՆԳԼԻԱ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՆԵՐԱԾՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՍԵՑՆԵՆ
Երեքշաբթի օր, մինչ ռուսական ուժերը շարունակեցին Ուքրանիոյ մէջ յառաջանալ զանազան ճակատներու վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն պնդեց, որ Միացեալ Նահանգները աշխարհագրութիւնը զէնքի ուժով փոխելը «չի կրնար ընդունիլ», հակառակ այն իրողութեան, որ Ուաշինկթըն լուր մնացած էր միայն մէկ ու կէս տարի առաջ տեղի ունեցած Արցախի բռնագրաւումին դիմաց։
Պլինքըն նաեւ աւելցուց, որ Ուաշինկթըն «աշխատանք կը տանի ՆԱԹՕի արեւելեան ճակատին վրայ զինուորական ներկայութիւն ամրապնդելու»` նշելով. «Այս փոփոխութիւնները ազդեցութիւն պիտի ունենան»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Ռուսիոյ՝ Ուքրանիա ներխուժումը կը վտանգէ միջազգային կանոնները` աւելցնելով. «Աշխատանք կը տանինք Ուքրանիոյ ճգնաժամը լուծելու եւ Ուքրանիայէն հեռացող կիներն ու մանուկները պաշտպանելու»:
Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն՝ Ուքրանիայէն հեռացած գաղթականներուն թիւը անցած է 2 միլիոնի սահմանը, մինչ մարդկային զոհերու մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան։
ՄԱԿը ցարդ հաստատած է, թէ մօտաւորապէս 500 ուքրանացի քաղաքայիններ սպաննուած են, մինչ Մոսկուա անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ նոյնքան ռուս զինուորներ սպաննուած են գործողութեան առաջին շաբթուան ընթացքին։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ ցարդ 2000էն 4000 ռուս զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են։
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած երրորդ բանակցութիւններուն շնորհիւ, մարդասիրական զինադադար հաստատուեցաւ Քիեւի մօտակայ երկու քաղաքներէն քաղաքացիներուն ազատ ելքը արտօնելով, սակայն հարաւային Մարիոփոլի մէջ նման համաձայնութիւն մը արդիւնք չտուաւ եւ յարձակումները շարունակուեցան։
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ ռուսական զօրքերը արդէն կը գտնուին մայրաքաղաք Քիեւէն 5-15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Երեքշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, թէ ամբողջութեամբ պիտի կասեցուին ռուսական քարիւղի, բնական կազի եւ ածուխի ներածումները, մինչ Անգլիա յայտարարեց, թէ ռուսական ուժանիւթի ներածումները պիտի կասեցնէ մինչեւ 2022ի աւարտը։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որ կապի մէջ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, հանդէս եկաւ յոռետես յայտարարութիւններով։ Ըստ անոր՝ Փութինի հետ քննարկումները բարդ են եւ մօտիկ ապագային դժուար թէ քաղաքական լուծում մը գտնուի։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ուքրանիոյ անոր պաշտօնակից Տիմիթրօ Քուլեպա այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցին Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումին, ուր անոնց միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ջանքեր կը կատարուին Անգարայի կողմէ։