Տիրամայր ՕԺԷՆԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի զաւակը՝ Արտակ քհնյ. եւ երէցկին Սօսի Տէմիրճեանները եւ թոռները՝ Մայք եւ Րաֆֆի Տէմիրճեանները, իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, կրօնական ժողովին, եկեղեցական դասին, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանին, հոգեւոր հովիւներուն, երեսփոխանական եւ հոգաբարձական կազմերուն, Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի տնօրէնութեան, Խնամակալ մարմինին եւ ուսուցչական կազմին, նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, երգչախումբին, Տիկնանց միութեան ու յարակից բոլոր մարմիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, գրութեամբ եւ հեռաձայնելով մասնակից եղան իրենց սուգին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.