
Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի մեծ ընտանիքը խոր ցաւով կը գուժէ թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն Բաբգէն քհնյ. Մանուէլեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 6 Մարտ 2022ին, Մոնթեպելլոյի մէջ: Վախճանեալ քհնյ. հօր վաստակը կ՛երկարի աւելի քան երկու տասնամեակներու վրայ: Քահանայաթաղման թուականին եւ վերջին օծման ու թաղման կարգին մանրամասնութիւնները շուտով կ՛իմացնենք հաւատացեալ ժողովուրդին: Այս տխուր առիթով, Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչը, հովիւը եւ հոգաբարձական ու երեսփոխանական կազմերը, Տիկնանց միութիւնը, կիրակնօրեայ վարժարանը, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տեսչութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը ցաւակցին վախճանեալ տէր հօր այրիին, զաւակներուն եւ հարազատներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: