
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան 14 Մարտ թուակիր նամակով մը դիմած է Սպիտակ տան, որպէսզի նախագահ Ճօ Պայտընի հետ ուղղակի հանդիպումով մը կարելի ըլլայ քննել Ատրպէյճանի բռնատիրական կարգերուն ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները կասեցնելու հարցը, Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածը գործադրելու միջոցով։
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ընէ Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ պարտադրէ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը:
1992ին վաւերացուած յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ատրպէյճան միայն 2002էն 2021ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:
Նախագահ Պայտըն յառաջիկայ շաբաթներուն այս գծով նոր որոշում մը պիտի տայ, Հայ Դատին հետ երկկողմ հանդիպում մը աւելի կենսական դարձնելով։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին եւ Արցախի ու Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական շարունակուող յարձակումներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի: Հոն նաեւ կը քննադատուի Պաքուի բռնարարքները յստակօրէն չդատապարտելու Ուաշինկթընի կեցուածքը։
Նամակը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։