Սոնա Մատարեան

Թերթատելով յիշողութեան թերթիկներս եւ մեր անցեալի ազգային արժէքներու եւ արժէհամակարգի «թերթոնի» էջերը, ահ մը կը մտածեմ, ինչպէ՞ս չվարանիլ, չսարսափիլ եւ «կորուստ»ի մօտեցումը առաւել եւս հերքել:
Գիտակ, փորձառու եւ իմաստուն ազգիս զաւակներէն խոհուն անհատներ, յաճախ կը կրկնեն, թէ նորութիւն չեն աշխարհին նման անցուդարձերն ու վախերը. առ այդ, նորութիւն չեն նաեւ մեր ազգային վախերն ու կորուստները…:
Թող, որ ներեն ինծի մեր յարգելի, իմաստուն եւ իրենց կեանքով փորձառութիւն շահած հայրենակիցներս: Ես, նուաստս, աշխարհ եկած հայուհի մը եւ ապա հպարտօրէն ազգային պատկանելութիւնս ըմբռնած ու փայփայած հպարտ հայուհին, արդէն իսկ կը զգամ ու կը շնչեմ, ոչ միայն հայրենիքիս վիճակն ու հոն ապրող ժողովուրդիս, մերթ վախն ու յուսալքութիւնը, մերթ անտարբերութիւնն ու անորոշութիւնը եւ մերթ յանձնուիլը առկայ, սակայն եւ անընդունելի կացութեան, կը զգամ Սփիւռքի մէջ տարածուած ու փոխանցուած նոյն «թունաւոր», բայց եւ անսովոր անորոշութիւնը… Սակայն նման անտարբերութիւն, թէ՞ համակերպում, վայել է միայն ու միայն ոչ մէկ ազգային արժէքներով եւ ոչ իսկ հայրենական սիրով օժտուած ժողովուրդներու պատմութեան էջերուն…
Համակ լաբիւրինթոս մը, որ անծանօթ կը թուի ըլլալ մեր ազգին համար, մենք, որ օժտուած էինք ազգային եւ հայրենական նուիրումի թրթիռներով…
Այսօր, կարծէք, ազգին ու հայրենիքին ցաւը իր երակներուն մէջ կաթկթող, միայն ու միայն հայ ուսուցիչին «նուիրական խղճին» վստահուած է նոր սերունդի դաստիարակութիւնն ու հայավարի գոյատեւումը, թէեւ փայփայելի է, սակայն ոչ բաւարար… Եկէ՛ք բարձրաձայնենք, որ մենք միասնական ենք, երբ մեր մեծ պատկերին մէջ ՝ դպրոց, եկեղեցի, միութիւն, կազմակերպութիւն եւ հայրենի ղեկավարութիւն` միասնական ենք…
Սակայն, ո՛չ մէկ յոյսի նշոյլ այս օրերուն, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ազգային, ինչպէս նաեւ հոգեւոր մեր այրերու կողմէ իսկ.․. Քաւ լիցի… խօսքե՞ր, շատ են, ինչպէս միշտ, բայց երբէ՛ք բաւարար չե՛ն եղած եւ չեն… Գործն է հարկաւոր, գործն է միակ գործնականն ու արդիւնաւէտը: Ըսէ՛ք խնդրեմ, այս օրերուն, ինչպէ՞ս բացատրել հայ պատանիին եւ ապա արդարանալ հայ երիտասարդին դէմ, ազգային նման անտարբերութեան, նման յուսալքութեան եւ նման տկարութեան համար…
Ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր մնաց դարերու խորքերէն եկած ու մեզի հասած ու փոխանցուած՝ մեր ազգային պատկանելութեան եւ հպարտութեան ամրակուռ ոգին:
Ի սէր յաջորդող անմեղ սերունդներուն, ձայն տուէ՛ք, ձեռք երկարեցէ՛ք, միահամուռ կամքով ու ոգիով, միասնական ջանքերով փորձենք, միասնաբար շրջանցել այս մթին ու մամռոտ պայմանները, որոնք կ՛առաջնորդեն մեր ազգին ու հայրենիքին գոյութիւնը թունաւորելու եւ կաթիլ առ կաթիլ չքացնելու եւ միաձուլելու կորուսեալ մեծ ազգերու տակառին մէջ:
…Սակայն, ո՛չ եւ անվերջ ո՛չ… իրաւունք չունինք անհատապէս թէ ազգովին հայրենապիղծ եւ ազգապիղծ տրամադրութիւններով դաւաճանել մեր դարաւոր ու ազնուական արմատներուն, որոնք Տէր Զօրի անապատներէն խորշոմած հոգիով իսկ, անգամ մը եւս, փիւնիկի նման, թափ տալով սուգն ու արցունքը, վերածուեցան նորանոր վարդագոյն արշալոյսներու եւ հորիզոններու, ուր սերունդներ յաջորդեցին իրարու եւ փոխանցեցին նորածիլ յոյսեր՝ ապրելու եւ արարելու աշխարհով մէկ:
Եթէ, զօրաւոր ցնցում մը պէտք է զարթնելու համար, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ անցեալի մեր ազգային Զարթօնքով, ապա եւ այսօր, դար մը առաւել խրուած եւ զօրացած արմատներով (զանց առած վերջին Երեք տասնամեակները, որոնք շահերու վրայ հիմնուած գործեցին ու տակաւ կը գործեն…), մենք ատակ ենք, միասնական ջանքերով, նոր ԶԱՐԹՕՆՔ մը ապրելու եւ ապրեցնելու համայն ազգութիւնը, ի վերջոյ դժուար պահերուն միտքն ու հոգին պարարտ են նուաճելու…
Պահը եկած է, ցոլացող անցեալի յոյզերու հետքերով եւ նորոգ երազներու իրագործման ելքերով… այլապէս իրաւունք տուէ՛ք յիշել Պ. Սեւակի խօսքերը.
«եւ… մեր լեցունը մեզնից դատարկուեց,
եւ… մեզնով լցուեց դատարկն օտարի…»
Աւա՜ղ փառացս անցաւորի…