
ԵՐԵՒԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի օր հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Փաշինեան-Պլինքըն զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն եւ կարեւոր նկատուեցաւ ռազմավարական երկխօսութեան շարունակականութեան ապահովումը՝ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման նպատակով։
Փաշինեան ամերիկեան կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուած ամերիկեան հետեւողական աջակցութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութեան ապագայ ամրապնդումը Հայաստանի կառավարութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնն է եւ երկիրը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ընթանալ։
Պլինքըն շեշտեց Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութիւնը, զայն Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճ ապագային համար կենսական նկատելով։
Ան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրաւ, որ մեղմացնեն սահմանային լարուածութիւնը եւ զսպուածութիւն ցուցաբերեն, որպէսզի կարելի ըլլայ «ամբողջական լուծում մը գտնել բոլոր անլոյծ հարցերուն»։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ շարունակելու ժողովրդավարացման բարեկարգումները։
Փաշինեան եւ Պլինքըն կանգ առին նաեւ Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն վրայ՝ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Արցախի իրավիճակը եւ լարուածութեան աճը։ Կողմերը կարեւոր համարեցին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովումը։ Անոնք ընդգծեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ Արցախի հիմնահարցի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելուն։
Վարչապետը եւ նախարարը կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանազատման, տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային ասպարէզի գործընթացներուն՝ ներառեալ Ուքրանիոյ իրավիճակին։