ՊԸՐՊԵՆՔ.- 1 Մարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ՝ առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն իրենց ներկայութիւնը բերին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս․ Տօնոյեան, Լոս Անճելըսի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ Հաուայան կղզիներու Ղպտական Ուղղափառ թեմի առաջնորդ՝ միտրոպոլիտ Սերապիոնը, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ասորի արքեպիսկոպոսութեան պատրիարքական փոխանորդ մար Կլեմիս Եւկենի Գապլան, ուղեկցութեամբ իրենց թեմերու հոգեւորականներու; Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արեւմտեան թեմի Լոս Անճելեսի շրջանի հոգեւորականները։
Բացման աղօթքէն ետք, Յովնան արք. Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց եւ պաշտօնապէս ներկայացուց ժողովին մասնակցող եկեղեցականները։
Յըթնացս ժողովի, առաջնորդ սրբազան հայրերուն կողմէ քննարկուեցաւ համատեղ ձեռնարկներու իրականացումը՝ թէ կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ թէ երիտասարդական առաքելութիւններու ու մարդասիրական ծառայութիւններու ասպարէզներուն մէջ։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն առաջնորդարանի «Թրբանճեան» շրջափակին մէջ։
Դիւան Առաջնորդարանի