Մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր ընդվզումն ու մտահոգութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի մէջ վերջերս արձանագրուած հակահայ արարքներուն կապակցութեամբ:
Հաղորդագրութիւնը կ’ըսէ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ընդվզումն ու մտահոգութիւնը կ’ուզէ արտայայտել Շավիլի Ցեղասպանութեան յուշարձանի, Վիլէօրպանի Հայ մշակոյթի տան եւ գաղութի պատասխանատու անձնաւորութեանց դէմ կատարուած գողութիւններու, վայրագութեանց ու պղծումի արարքներու կապակցութեամբ:
«Յստակ է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ օրէնքի քուէարկումէն հազիւ քանի մը օր ետք կատարուած եւ երկար ժամանակէ ի վեր բծախնդրօրէն պատրաստուած ու ծրագրուած ձեւով գործադրուած այս արարքները, թուրք պետութեան ժխտողական քաղաքականութենէն քաջալերուած՝ ազգայնամոլ եւ ֆաշիստ կազմակերպութեան մը գործն են:
«Ֆրանսայի քաղաքացիական խաղաղութեան հարուածող այս իրադարձութիւններուն ի տես, որոնք լրջօրէն կը սպառնան ծագումով հայ քաղաքացիներու ապահովութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային, քաղաքական ու մշակութային կառոյցներու ամբողջականութեան, Հ.Յ.Դ. դիմած է ֆրանսական իշխանութիւններուն, որպէսզի կանխարգիլուի նմանօրինակ դէպքերու կրկնողութիւնը եւ արագօրէն զսպուին անոնց հեղինակները:
«Դաշնակցութիւնը տեղի պիտի չտայ ոչ սպառնալիքի եւ ոչ ալ բիրտ ուժի դիմաց, ու առանց վհատումի պիտի շարունակէ իր աշխատանքը հայ ժողովուրդի արդար դատին ի խնդիր»:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՈԼԱՆՏԻ ՀԵՏ
Կեդրոնական Կոմիտէն այլ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ իր եւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2006ին, Արա Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղար Ֆրանսուա Հոլանտի հետ:
Հանդիպումը ընթացաւ քաղաքական սերտ յարաբերութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտին մէջ: Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները առաջին հերթին հաստատեցին, որ ֆրանսական խորհրդարանի 12 Հոկտեմբեր 2006ի նիստին Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ օրէնքի ընդունման կապակցութեամբ ընկերվարական երեսփոխաններու դերը եղած է հիմնական: Այդուհանդերձ, խորհրդարանէն ետք Ծերակոյտին կողմէ օրէնքի ընդունման ճամբուն ծառացող հաւանական դժուարութիւններուն ի տես, Ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղարը դարձեալ հաստատեց, որ իր պատկանած կուսակցութիւնը անվարան կերպով պիտի շարունակէ իր նախաձեռնութիւնը: Այս նպատակով, այժմէն իսկ ընկերվարական ծերակուտականներ պիտի հրաւիրուին Ծերակոյտին մէջ կատարելու բոլոր անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները: Ֆրանսուա Հոլանտ յայտնեց, թէ օրէնքի այդ նախագիծը կատարելապէս համահունչ է 21 Յունուար 2001ին որդեգրուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքին:
Հ.Յ.Դ. ուրախ է, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը տասնամեակներէ ի վեր հետեւողական զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ հայ ժողովուրդի իրաւացի պահանջատիրութեան:
Հաղորդագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Մենք կը հաւատանք, որ Նոյեմբերի վերջաւորութեան կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուն հաւատարիմ պիտի մնայ այս յանձնառութեան: Այս պառճառով ալ Դաշնակցութիւնը յանձն առած է հրապարակաւ պաշտպանել ընկերվարական թեկնածուն:
«Այս հեռանկարով, Ֆրանսուա Հոլանտ ընդունեց փարիզեան շրջանին մէջ համահաւաք կազմակերպելու մեր առաջարկը, որուն ընթացքին նախագահական ընտրութեանց ընկերվարական թեկնածուն լայնօրէն պիտի արտայայտուի Հայկական հարցին առնչութեամբ:
Եւ վերջապէս, ըստ նախապէս կայացած համաձայնութեան, Ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղարը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով Հայաստան պիտի մեկնի Մարտ 2007ին: Մեր երկու կազմակերպութիւնները մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայեն խորհրդանշական նշանակութիւն ունեցող այս ճամբորդութեան, որուն ծրագրի եւ ժամանակացոյցի մասին պիտի հաղորդենք յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին»:
Հանդիպման աւարտին, Արա Գրիգորեան Հ.Յ.Դ.ի անունով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսուա Հոլանտի՝ իր անխախտ եւ ամուր յանձնառութիւններուն համար, եւ առաջարկեց կանոնաւոր հանդիպումներու ժամանակացոյց մը ստեղծել, որ բնականաբար ընդունեց առաջին քարտուղարը: