ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ազգային ժողովը ձայներու 30 թեր, 63 դէմ, 1 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ չընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւնները քրէօրէն պատժելի դարձնելու ընդդիմութեան առաջարկը:
Նախքան քուէարկութիւնը, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան յայտարարեց, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն այս նախագիծին: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, նախագիծի համահեղինակ Արամ Վարդեւանեան արձագանգելով՝ յիշեցուց. «Այս նախագիծը այն մասին էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, կամ դրա մի մասը որեւէ մէկի կողմից կասկածի տակ դնելն իր հանրային խօսքով, կարծիքով եւ նման դիրսկուրս (խօսոյթ) առաջացնելը քրէօրէն հետապնդելի արարք լիներ»: