ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսատլանտեան դաշինքը պիտի շարունակէ աջակցիլ Ռուսիոյ ներխուժումին դէմ դնող Ուքրանիոյ՝ զէնք եւ զինամթերք, ներառեալ արդիական հականաւային հրթիւռներ տրամադրելով եւ Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ պարտադրելով, Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած ՆԱԹՕի գերաստիճանէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ դաշնակիցները դէմ են հակամարտութեան մագլցումին, որուն համար չեն քններ Ուքրանիա զօրք ուղարկելու կարելիութիւնը, որ կրնայ ՆԱԹՕի եւ Ռուսիոյ զօրքերուն միջեւ առճակատման առաջնորդել: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ռուսիա քիմիական կամ զանգուածային ոչնչացման զէնք կրնայ օգտագործել նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ արդէն իսկ երկրորդ ամիսը թեւակոխած ներխուժումը Մոսկուայի ակնկալուածին նման սահուն չ՛ընթանար։
Գերաստիճանին ընթացքին առցանց ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի, որ յաւելեալ ռազմական աջակցութիւն պահանջեց, սակայն չարտայայտուեցաւ Ուքրանիոյ վրայ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու կամ ՆԱԹՕին անդամակցելու հաւանականութեան մասին:
Նոյն օրը, մինչ յատկապէս Քիեւի, Տոնպասի եւ Մարիոփոլի մէջ մարտերը եւ ռմբակոծումները կը շարունակուէին, ուքրանական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ կրցած են խորտակել ռուսական մարտանաւ մը:
Մէկ օր առաջ, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ազդարարեց, թէ Ռուսիա հիւլէական զէնք կրնայ օգտագործել, եթէ «պետութեան գոյութեան վտանգ սպառնայ», մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մասնակցող ուքրանական պատուիրակութիւնը Ուքրանիոյ տեսակէտները չի ներկայացներ, այլ ամերիկեան ցուցմունքներուն հիմամբ կը գործէ:
Յայտնենք, որ ցարդ, Ուքրանիոյ տարածքին, տեղահան եղած են առաւել քան 10 միլիոն քաղաքացիներ, որոնցմէ աւելի քան 3 միլիոնը երկրի սահմաններէն դուրս եկած է: Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ պիտի հիւրընկալէ ուքրանացի գաղթականներէն մօտաւորապէս 100,000ը