ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շաբաթավերջին, Երեւանի «Փիւնիկ»ը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25րդ փուլին սեփական յարկի տակ 12-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Երեւանի «Կիլիկիա»ն եւ անգամ մը եւս նուաճեց Հայաստանի ախոյեանի կոչումը եւ 64 կէտով կը գլխաւորէ աղիւսակը: Հակառակ անոր, որ ախոյեանութեան մրցաշարքը տակաւին չէ աւարտած, այսուհանդերձ «Փիւնիկ» կէտերու այնպիսի առաւելութիւն ունի, որ իր անմիջական մրցակիցներէն ոչ ոք կրնայ հասնիլ իրեն:
Երեւանի «Բանանց»ը վերջին մրցումին պարտութիւն կրեց արծաթէ մետալի իր մրցակից Աշտարակի «Միկա»էն եւ 50 կէտով կը շարունակէ գրաւել 2րդ դիրքը, բայց այս խաղէն յետոյ 48 կէտով «Միկա»ն շատ մօտ է «Բանանց»ին եւ այս խումբերու միջեւ մրցակցութիւնը փոխախոյեանի տիտղոսին համար սրած է:
Ախոյեանութեան 25րդ փուլի միւս խաղերուն, Երեւանի «Արարատ»ը սեփական խաղադաշտին մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կապանի «Գանձասար»ին, իսկ Երեւանի «Ուլիս»ը՝ 3-1 արդիւնքով Գիւմրիի «Շիրակ»ին: