Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Պիոն Միլոյեան Ան վերջերս, համագործակցաբար իր գործընկերոջ, անգլերէնի թարգմանած է Րաֆֆիէն շարք մը ժողովածուներ` զանոնք դնելով հայ եւ ոչ հայ հանրութեան տրամադրութեան տակ: Պիոնի գործին մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ․
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ.- Նախ խօսինք ձեր մասին, ուրկէ՞ կու գաք եւ ինչպիսի՞ միջավայրի մէջ մեծցած էք: Ի վերջոյ, ձեր կեանքին մէջ ի՞նչը կամ ո՞վ եղած է պատճառը, որ մղուիք նման աշխատանքի:
ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- Ծնած եմ Լոս Անճելըս, 1989ին, Վահէ եւ Սօսի Միլոյեաններուն երդիքին տակ: Ընտանիքիս երկու որդիներուն երկրորդն եմ, եղբայրս Դավին է: Նախնական եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ` ազգանուէր եւ հայրենասէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու շունչին տակ լիցքաւորուելով հայեցի ու ազգային դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ:
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ.- Ե՞րբ սկսաւ այս աշխատանքը եւ ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ:
ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- 2012ին փոխադրուեցայ Աւստրալիա, ուր ուսումս շարունակեցի Քուինզլենտի համալսարանին մէջ: 2015ին հրաւիրուեցայ Պալթիմոր` ստանձնելու հետազօտական պաշտօն «Ճոնզ Հոփքինզ» համալսարանի համաճարակաբանութեան բաժինին մէջ: 2017ին կրկին փոխադրուեցայ Աւստրալիա, ուր հրաւիրուած էի ստանձնելու «Ֆետըրէյշըն» համալսարանին մէջ դասախօսական եւ հետազօտական պաշտօն: Տեսնելով, որ հայերը եւ օտարները գրեթէ ոչինչ գիտեն հայ գրականութեան մասին, ինքզինքս նուիրեցի հայ գրականութիւնը վերաշխուժացնելու գործին, գործակիցիս` Քիմպըրլի ՄըքՖարլենի հետ: Շուտով միասնաբար հիմնեցինք Sophene (Ծոփք) հրատարակչութիւնը, եւ շատ չանցած` հրաժարեցայ համալսարանական պաշտօնէս, որպէսզի ամբողջովին նուիրուիմ այս ծրագիրին: 2017էն ի վեր անգլերէնի թարգմանած ենք արեւելահայերէնէն` Րաֆֆիի «Ջալալէդդին», «Հարեմ», «Խենթը», եւ «Պրոյերեսիոս» (Պարոյր Հայկազն) վէպերը, Քիմպըրլի ՄըքՖարլենի հետ եւ գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած ենք Եղիշէի «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին» եւ «Խրատք Եւ Իմաստութիւնք Խիկարայ» պատմութիւնները: Անգլերէնի թարգմանած եմ նաեւ Յակոբ Մանանդեանի «Ազգութեան Գաղափարը» եւ ուրիշ յօդուածներ:

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ.- Երկու լեզուներուն` հայերէնին եւ անգլերէնին միջեւ ինչպիսի՞ դժուարութիւններու հանդիպեցաք թարգմանութեան ատեն: Ինչպէ՞ս կրցաք լեզուի հարազատութեան ու արտայայտութիւններու տոկունութեան հաւասարակշռութիւնը պահել:
ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- Գլխաւոր երկու տեսակի կը բաժնուին մեր թարգմանութիւնները` աշխարհաբարէն եւ գրաբարէն թարգմանուած վէպեր եւ պատմութիւններ: Առաջինին պարագային կը ջանանք ամենայն հարազատութեամբ վերստեղծել ընդհանուր վիպասանութիւնները անգլերէն լեզուով: Իսկ երկրորդին պարագային, կը ջանանք թարգմանել պատմութիւնները գրեթէ բառ առ բառ կամ խօսք առ խօսք, ներկայացնելով թարգմանութիւնները գրաբար-անգլերէն զուգագիր հրատարակութիւններով, որպէսզի ընթերցողներ կարենան աւելի դիւրութեամբ հետեւիլ բնագիրներուն:
Որեւէ պարագայի, մենք կը նախընտրենք, որ հայերը եւ անոնք, որոնք գիտեն հայերէն խօսիլ ու կարդալ, կարդան հայերէն բնագիրը: Դժբախտաբար սփիւռքահայերուն եւ մանաւանդ նոր սերունդին մեծամասնութիւնը մեր հարուստ հայ գրականութեան մասին գաղափար չունի: Այս թարգմանութիւնները կատարելով` կը յուսանք հայ գրականութիւնը ներկայացնել ոչ միայն անոր անծանօթ հայերուն, այլեւ` օտարներուն, որոնք թիւով շատ աւելի են:
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ.- Արեւելահայ ու արեւմտահայ շարք մը գրողներէ ընտրած ես մասնաւորաբար Րաֆֆին ու կեդրոնացած` անոր գործին ու արժէքին վրայ: Ինչո՞ւ Րաֆֆին յատկապէս: Ի՞նչ ունի ան փոխանցելիք այսօրուան ընթերցողին:
ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- Րաֆֆին հայ հեղինակներէն ամէնէն յայտնին կրնայ սեպուիլ, ուրեմն բնական է, որ հայ գրականութեան թարգմանիչ մը նախ պիտի ուզէր անոր երկերը ներկայացնել հասարակութեան: Պէտք է յիշել նաեւ, որ Րաֆֆին ո՛չ միայն վիպասան էր, այլ նաեւ` առաջին կարգի պատմիչ, ուստի կը նկարագրէր մեր անցեալին մէջ ունեցած մտաւորական, քաղաքական եւ հոգեկան ուժեղ ու տկար կողմերը, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին մեր ապագայ սերունդներուն վրայ: Բայց մեր ազգային պատմութենէն օգտուելու համար պէտք է մեր գրականութիւնը մեզի մօտեցնել, որովհետեւ ինքնիրմէ մեզի պիտի չմօտենայ:
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ.- Շարունակականութիւնը պահելու միտումնե՞ր, ապագայ ծրագիրնե՞ր…

ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- Այժմ Յակոբ Պարոնեանի եւ Ալեքսանդր Շիրվանզադէի որոշ երկերը կը թարգմանենք Քիմպըրլին եւ ես: Ներկայիս կը թարգմանեմ նաեւ Սուրբ Իրենէոսի «Ցոյցք Առաքելական Քարոզութեան»ը գլուխ առ գլուխ կայքիս վրայ: Ինչպէս ուրիշ մատեաններ, այս կարեւոր աստուածաբանական գործը աշխարհին համար բոլորովին կորսուած պիտի ըլլար, եթէ մեր նախնիները գրաբարի թարգմանած չըլլային ատենին ու դարէ դար պահպանած: Թէեւ ես եւ Քիմպըրլին մեր ուշադրութեան առարկան դարձուցած ենք հայ գրականութիւնը անգլերէնի թարգմանելը, բայց եւ այնպէս վերջերս զբաղած եմ նաեւ գրաբարի թարգմանելով եւ գրաբարով շարադրելով որոշ գրութիւններ, որոնք կը գտնուին Armenian Antilibrary («Հայկական հակագրադարան») Learn Classical Armenian! էջին վրայ:
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ.- «Ազդակ»-ի միջոցով վերջին խօսքդ` հանրութեան…
ՊԻՈՆ ՄԻԼՈՅԵԱՆ.- Որպէս պատասխան` կը մէջբերեմ մեծ պատմաբան եւ բանասէր Յակոբ Մանանդեանի խօսքը. «Արիւնհեղութիւնն ու բռնաբարութիւնը թէեւ քայքայել եւ ուժասպառ են արել հայութիւնը, սակայն չեն կարողացել արիւնաքամ անել նրա ներքին էութիւնը եւ ոչնչացնել նրա ազգային ոգին ու անհատականութիւնը: Հայութիւնը, ոտնակոխ եղած ու ստրկացած, մնացել է որպէս ազգ կենդանի ու կենսունակ… Հայութիւնը, որ իր բոլոր ուժերով աշխատել է ապահովել ֆիզիքական իր գոյութիւնը, պէտք չէ երբեք մոռնայ, որ ազգային ինքնահաստատման համար ոչ պակաս կարեւոր գործ է նաեւ իր ոգեկան էութեան պաշտպանութիւնը, եւ որ արտաքին թշնամուց աւելի վտանգաւոր են նրա ազգային գոյութեան ու զարգացման համար այն տասնեակ հազարաւոր ապազգայնացնող հայերը, որոնք արհամարհում են ու անարգում են իրենց լեզուն ու մշակոյթը» (1917):